2016-08-31 10:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ողորմութիւնը արժանապատուութիւն կը պարգեւէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 31 օգոստոս 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն մը որուն ընթացքին արտասանած ճառին  մէջ շարունակելով ողորմութեան մասին  խորհրդածութիւնները խօսեցաւ ''Ողորմութիւնը արժանապատուութիւն կը պարգեւէ'' նիւթին մասին, ներշնչուելով Մատթէոսի Աւետարանէն իններորդ գլուխ`20-22 հատուածներէն, ուր կը պատմուի կնոջ մը մասին որ տարիներէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր, եւ որ Յիսուսին կը մօտենայ ու կը դպչի անոր զգեստի գնացքին, որովհետեւ համզուած էր թէ ''եթէ միայն զգեստին դպչիմ, կը փրկուիմ''։

Այդ կինը այդպէս կը մտածէր, ըսաւ Քահանայապետը, որովհետեւ տոգորուած էր հաւաքով եւ յոյսով ու խորամանկ մէկ ժեստով իրականացուց իր սրտի իղձը։ Այդ կինը արդարեւ այդ ժամանակ համարուած էր անպարկեշտ ու անմաքուր եւ ասոր համար ալ արհամարհուած էր ընկերութենէն։  Սակայն ան կը զգայ թէ Յիսուս կարող էր զինք ազատել հիւանդութենէն ու արիւնահոսութենէն ու այդ անարժանութեան կացութենէն որուն մէջ կը գտնուէր երկար տարիներէ ի վեր։

''Ան համոզուած էր թէ Յիսուս կարող էր զինք փրկել'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու մատնանշեց ''կիներու'' նկատմամբ յաճախ կայացած նախապաշարումներուն ու անոր արժանապատուութիւնը ոտնակոխ ընող տարակոյսներուն, ապա հաստատեց թէ Յիսուս սքանչանալով այդ կնոջ հաւատքին վրայ անոր կը նայի ու կ՛ըսէ ''քաջալերուէ աղջիկս հաւատքդ քեզ փրկեց''։

''Յիսուսին հետ հանդիպումը բոլոր մարդոց դիմաց` այր թէ կին, որեւէ ժամանակի եւ վայրի պատկան, կը բանայ ազատութեան եւ փրկութեան ճանապարհը'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով Յիսուսին կնոջ նկատմամբ ողորմածութեան ու քնքուշ հայեացքին։ ''Յիսուս ոչ միայն կ՛ընկալէ այդ կինը այլ անոր կը վերադարձնէ անորմէ խլուած արժանապատուութիւնը։ Յիսուս անոր կը պարգեւէ լիակատար փրկութիւն ու զայն կը ներառէ Աստուծոյ սիրոյն ոլորտին մէջ։

''Զգեստը չէ որ կնոջ փրկութիւն կը շնորհէ այլ Յիսուսին խօսքերը որոնք ընկալուած են հաւատքի միջոցաւ, որոնք կարող են մխիթարել, բուժել եւ վերակարգել կապը ընդմէջ Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին'' ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ Յիսուս միակ օրհնութեան աղբիւրն է որմէ կը բխի համայն մարդկութեան համար փրկութիւնը եւ թէ հաւատքը հիմնական իրողութիւնն է զայն ընդունելու։

Յիսուս անգամ մը եւս, իր ողորմած վարուելակերպով, Եկեղեցիին ցոյց կու տայ ուղին հանդիպելու իւրաքանչիւր անձի, որպէսզի ամէն մէկը կարելիութիւնը ունենայ մարմնի եւ հոգւոյ բուժում ստանալ ու վերագտնել Աստուծոյ զաւկի արժանապատուութիւնը ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը որմէ ետք զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն ու նորապսակներուն, հրաւիրելով երիտասարդները հետեւելու Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի օրինակին ու իրենց ապագան կառուցելու Աւետարանի հիման վրայ առանց փոխզիջումներու, մինչ հիւանդները հրաւիրեց Քրիստոսի խաչին մէջ գտնելու անդորրութիւն ու մխիթարութիւն ապա նորապսակներուն մաղթեց որ իրենց ամուսնական կեանքին մէջ փորձարկեն Աստուծոյ նկատմամբ խոր սէրը ու փոխադարձ անձ նուիրումի ուրախութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.